2015-06-01 09:43:00

Տօնական եւ հեքիաթային օր` մանուկներու համար


Մանուկներու պաշտպանութեան միջազգային օրն է: Անիկա սահմանուած է 1925-ին` Ժնեւի մէջ մանուկներու պաշտպանութեան համար հրաւիրուած համաշխարհային համաժողովի ընթացքին: 1949-ին Կանանց ժողովրդավարական միջազգային դաշինքը մանուկներու պաշտպանութեան օր ունենալու որոշում ընդունած է: ՄԱԿ-ը, հաւանութիւն տալով այս նախաձեռնութեան, յայտարարած է մանուկներու կեանքի եւ առողջութեան պաշտպանութեան հարցը իր գործունէութեան գերակայ ուղղութիւններէն մէկը: Առաջին անգամ Յունիս 1-ը նշուած է որպէս մանուկներու պաշտպանութեան միջազգային օր 1950-ին:

Աշխարհի մէջ մանուկներու պաշտպանութիւնը նախատեսող բազմաթիւ միջազգային փաստաթուղթեր ստորագրուած են, որոնց շարքին` 1959-ին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլէայի կողմէ ընդունուած Մանուկներու իրաւունքներու հռչակագիրը, 1989-ին ընդունուած Մանուկներու իրաւունքներու մասին պայմանագիրը: Հայաստան Մանուկներու իրաւունքներու մասին պայմանագիրը վաւերացուցած է 1992-ի, իսկ 1996-ին ընդունուած է «Երեխայի իրաւունքների մասին» ՀՀ օրէնքը:

Մանուկներու իրաւունքներու օրուան առիթով Հայաստուան մէջ կը  կազմակերպուին տարաբնոյթ ձեռնարկներ, որոնց միակ նպատակն է` մանուկներու համար օրը դարձնել տօնական,  հեքիաթային:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.